2010-12-22 13:20:17

<<Կրօնական Ազատութիւնը Խաղաղութեան Ճանապարհ>> Խորագրով Հանդիպում Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ՜՜Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուայ՝՝ Համար Հրատարակած Պատգամին Առթիւ։


Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետին խաղաղութեան համաշխարհային օրուան համար հրատարակուած պատգամին առիթով, չորեքշաբթի 22 դեկտեմբեր 2010-ի յետ միջօրէին տեղի ունեցաւ <<կրօնական ազատութիւնը խաղաղութեան ճանապարհ>> խորագրով հանդիպում մը կազմակերպուած` Հռոմի - via della conciliazione-ի Սուրբ Պիոսի անուան սրահին մէջ, Էլէա հաստատութեան, Անարատ Յղութեան սաներու միաբանութեան եւ Անարատ Յղութեան ՜՜Մորթախտէ տառապողները խնամող ՝՝ հաստատութեան կողմէ։ Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ ֆրանքօ ֆրադդինի եւ քահանայապետական արդարութեան եւ խաղաղութեան խորհուրդի քարտուղարը գերապայծառ Մարիոյ Թոզօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.